2015-10-06 14:09:00

Ընտանիքի նուիրուած Սիւնհոդոսի մասին` 6 հոկտեմբերի մամլոյ ասուլիսը։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի` 6 հոկտեմբեր 2015-ի ժամը 13-ին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի ՅՊԲ անուան սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ` վատիկանի մէջ գումարուած ընտանիքի մասին Եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին հայող մամլոյ ասուլիսը, որուն ընթացքին ունեցած ելոյթին մէջ, Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը, լրագրողներուն ներկայացուց սիւնհոդոսի առաջին երկու օրերուն աշխատանքային ընթացքը յայտնելով թէ երկու ընդհանուր նիստերու ընթացքին, ըլլայ երկուշաբթի օրուայ յետմիջօրէն, ըլլայ երեքշաբթի 6 հոկտեմբերի առաւօտեան նիստին, տեղի ունեցան սիւնհոդոսական հայրերու 72 միջամտութիւններ­­, որոնց ընթացքին շօշափած բազմաթիւ նիւթերու շարքին էին. ժամանակակից շրջանի մշակութային յեղափոխութիւնը որուն ծիրէն ներս Եկեղեցին կ՛ուղեկցի Աստուծոյ ժողովուրդին, փնտռելով հարցերու պատշաճ պատասխաններ։  Եկեղեցւոյ ''ոճի'' կարեւորութիւնը` թէ Եկեղեցին ի՞նչ լեզու գործածելու է դիմագրաւելու համար հարցերը։ Ընտանիքներու աճումն ու զարգացումը քրիստոնէական կեանքէն ներս, ու քրիստոնեայ ընտանիքներու առաքելութիւնը։ Եկեղեցին որպէս մեծ ընտանիք մը որ թիկունք պէտք է կանգնի ընտանիքներուն. սերունդներու միջեւ կայացած հարցը, տարեցներն ու երիտասարդները ու անոնց հայող հարցերը։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ զանազան թեմերու այն իրավիճակին,­ ուր  գոյութիւն ունին զանազան  մշակոյթներու պատկան հաւատացեալներ որուն հետեւանքով հարկ է գիտնալ դիմագրաւել այդ մշակութային բազմազանութիւնը, համապատասխանելով այդ իրականութեան կարիքներուն։ Այլ նիւթերը եղան ապա գաղթականութեան երեւոյթը, Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու դիմագրաւած դժուարութիւնները, ընտանիքներու ապրած բռնութիւնները, քրիստոնեայ ընտանիքներուն դէմ գործադրուած հալածանքները։  Ընտանիքներու եւ ընկերութեան մէջ բռնութիւնները. Հարստահարուած կիները. Մանուկներու շահագործումը ապա կղերական դասին կազմաւորումը։

Հայր Լոմպարտի ապա յայտնեց թէ 72  միջամտութիւններէն զատ տեղի ունեցան 1 ժամուայ տեւողութեամբ ազատ միջամտութիւններ։ Հաջր Լոմպարտին յայտնեց նաեւ  թէ Սիւնհոդոսի Նիստի ընթացքին խօսք առաւ նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապը եւ ուզեց շեշտել թէ ներկայ սիւնհոդոսը անցեալ տարի գումարուած արտակարգ սիւնհոդոսի շարունակութիւնն է ու թէ այդ սիւնհոդոսը չի փոխեց Եկեղեցւոյ Վարդապետութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը ապա յորդորեց հորիզոնները չսահմանափակել  միայն ամուսնալուծեալ զոյգերու ս. Հաղորդութեան մօտեցումի հարցին շուրջ, այլ ունենալ աւելի ընդլայնուած տեսութիւն որ ընդգրկէ Ընտանիքի բոլոր հարցերը։ Ֆրանչիսկոս Պապը ապա հաստատեց թէ անցեալ տարուայ սիւնհոդոսի պաշտօնական փաստաթուղթերը կը մնան իր երկու պատգամները ու Սիւնհոդոսի եզրափակիչ տեղեկագիրը։

Մամլոյ ասուլիսին ելոյթ ունեցան ու լրագրողներու հարցումներուն պատասխանեցին` Քահանայապետական ընկերային հաղորդամիջոցներու խորհուրդի նախագահը` գերապայծառ Քլաուտիօ Մարիա  Չելլի, եւ Քանատայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի երբեմնի նախագահը։








All the contents on this site are copyrighted ©.